ՃԱՏՐԱԿ

Կիրակի, 14 Ապրիլ 2013-ին, Ժամհուր վարժարանին մէջ աւարտեցաւ Լիբանանի 2013-ի տարիքային ախոյեանութիւնը: Երեկոյեան ժամը 18:00-ին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին անդամներուն, հիւրընկալ վարժարանին պատասխանատուներուն եւ մասնակցող աշակերտներուն ծնողներուն: Ստորեւ Ճեմարանի մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 10 տարեկանէն վար տղաք՝ Հրակ Լախեան (առաջին) եւ Հրայր Գասապեան (երրորդ), աղջիկներ՝ Նարօտ Գլըպոզեան (երկրորդ) 12 տարեկանէն վար տղաք՝ Լեւոն Գալայճեան (երկրորդ) 14 տարեկանէն վար աղջիկներ՝ Նանի Գալուստեան (երկրորդ) 16 տարեկանէն վար տղաք՝ Հրակ Գըլըպոզեան (երկրորդ)