ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբին, Կիրակի, 20 Յունուար 2019-ին տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ճեմարանական աշակերտներ: Մրցանակներու արժանացան հետեւեալ աշակերտները.

Նարեկ Բակլայեան (Գ. դասարան), 8 տ. եւ վար՝ Բ. դիրք
Հրակ Ծատուրեան (Ե. դասարան), 12 տ. եւ վար՝ Գ. դիրք
Նիքոլա Մուրատեան (Է. դասարան), 14 տ. եւ վար՝ Գ. դիրք

Կը շնորհաւորենք մրցանակակիր մեր աշակերտները՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: