ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀՐԱԿ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ

Շաբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ֆրերներու վարժարանին մէջ (Ֆըրն Շըպպէք) տեղի ունեցաւ ճատրակի Սուրբ Ծննդեան մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 72 երկսեռ խաղացողներ: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի Ե. դասարանի աշակերտ Հրակ Ծատուրեան իր դասակարգին մէջ (10 տարեկան եւ վար) գրաւեց առաջին դիրքը՝ մնալով անպարտելի (5 յաղթանակ եւ 1 հաւասարութիւն):

Կը շնորհաւորենք Հրակը՝ անոր մաղթելով նորանոր յաղթանակներ: