«Երեւան-Էրեբունի» բանաստեղծութեան նիւթին առնչութեամբ Ը. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին զանազան նախագիծեր՝ նպատակ ունենալով թէ՛ աւելի մօտէն ծանօթանալ Երեւանի պատմութեան, տեսարժան վայրերուն եւ մշակութային ժառանգութեան, եւ թէ զարգացնել ու բարելաւել իրենց բանաւոր արտայայտուելու կարողութիւնները։
Իրենց ներկայացումներուն միջոցով անոնք մտովի ճամբորդեցին դէպի Երեւան եւ քանի մը օր ապրեցան մայրաքաղաքին շունչով։ Անոնք շրջեցան Երեւանի բաց երկինքին տակ, այցելեցին թանգարաններ ու գեղատեսիլ այգիներ, կանգ առին պատմական յուշարձաններու առջեւ եւ ներկայացուցին անոնց մասին անհրաժեշտ ու հետաքրքրական տեղեկութիւններ։
Մեթրոյով «ճամբորդեցին» քաղաքի մէկ ծայրէն միւսը՝ բացայայտելով Երեւանի տարբեր անկիւնները։
Այսպիսով, թէեւ միայն մտովի, աշակերտները կարծես քանի մը օր ապրեցան Երեւանի մէջ՝ տեսան, զգացին ու բացայայտեցին անոր պատմութիւնն ու գեղեցկութիւնը:
