ՁՕՆ ՄԱՅՐԻԿԻՍ

Երեքշաբթի, 29 Մայիս 2012-ին, տարրական բաժինի Գ. դասարաններու աշակերտները տուն վերադարձան իրենց հետ տանելով երկու նուէրներ, զորս պատրաստած էին իրենց աննման մամաներուն համար։ Առաջին նուէրը պատրաստած էին թուաբանութեան պահուն՝ թուաբանական «հաշիւներ»ով, իսկ երկրորդ նուէրը՝ հայերէնի դասապահուն։ Բարի «մայրերու տօն» մեր բոլոր մամաներուն։