Հ.Օ.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 14 Ապրիլ 2010-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան այցելեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան՝ ընկերակցութեամբ Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներու եւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ Թամար Տէր Պետրոսեանի: Անոնք Ճեմարանի տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ շրջեցան դպրոցին զանազան բաժինները, գրադարանը եւ մասնաւորաբար Հ.Օ.Մ.ի Նորսիկեան մանկապարտէզը, ապա այցելեցին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակ, ուր հանդիպեցան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու հետ եւ քննարկեցին Հ.Օ.Մ.ի եւ Համազգայինի ապագայ գործակցութեան կարելիութիւնները: