Հ. Հ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼ ՍԵՐԺ ՍՐԱՊԻՈՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան Ճեմարան այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի տեղակալ եւ գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան: Ան հանդիպում ունեցաւ ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն հետ եւ ներկայացուց Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն պատարագ»ը:

Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Պարոյր Սեւակի գրական ուղիին մասին տրուած բացատրութիւններուն, մասնաւորաբար՝ «Եռաձայն պատարագ»ի կառոյցին, բանաստեղծութեան գրութեան շարժառիթին եւ գրական գործերու հանդէպ օրուան քաղաքական վերնախաւին կեցուածքին մասին: