ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի վերամուտը տեղի ունեցաւ հետեւեալ հանգրուաններով.
29 Սեպտեմբերին՝ կանաչ դասարաններ
30 Սեպտեմբերին՝ կապոյտ դասարաններ
3 Հոկտեմբերին՝ վարդագոյն դասարաններ:
Փուչիկներով, երգ ու խաղով մանկապարտէզի անձնակազմը դիմաւորեց եւ ընդունեց փոքրիկներն ու իրենց ծնողները «Պզտիկեան» պարտէզէն ներս:
