ՀՕՄ-Ի ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Երեքշաբթի, 18 Յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:

Բացման խօսքը կատարեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Ինչպէս ամէն սկիզբ վերջ մը ունի, այսպէս մեր կանաչ դասարանի փոքրիկներուն մանկապարտէզի երեք տարիները վերջ գտան: Այսօր մեր փոքրիկ հետազօտողները պիտի ճոխացնեն բեմը իրենց գունազարդ տարազներով եւ մեզ պիտի տանին արտասովոր պտոյտի մը ցամաքամասէ-ցամաքամաս: Անոնք պիտի ծանօթանան զիրենք շրջապատող աշխարհին, բնական ու կենդանական հարուստ միջավայրին եւ մեծ հետաքրքրութեամբ պիտի յայտնաբերեն ցամաքամասերը՝ իրենց երկիրներով եւ հրաշալիքներով»: Ապա խօսքը ուղղելով Կանաչ դասարանի երեխաներուն՝ ան ըսաւ. «Սիրելի փոքրիկներ, դուք հրաժեշտ պիտի տաք ձեր սիրելի մանկապարտէզին եւ պիտի անցնիք տարրական բաժին: Դուք պիտի ըլլաք ապագայ հայ ուսուցիչը, արուեստագէտը, գիտնականը, ղեկավարը, հայ հայրն ու մայրը: Եղէ՛ք քաջ, ազնիւ, համեստ, աշխատասէր, ուրախ եւ թող ժպիտը չպակսի ձեր դէմքերէն»: Այնուհետեւ, մանկապարտիզպանուհին երախտագիտութիւն յայտնեց իր գործընկերներուն, իրենց կատարած բծախնդիր եւ նուիրուած աշխատանքին համար: Վերջապէս, եզրափակելով իր խօսքը՝ Եահնիեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, իրենց գործակցութեան եւ վստահութեան համար:

Այս տարուան հանդէսին բնաբանն էր «Հաճելի օր մը ցամաքամասէ ցամաքամաս»:  Կանաչ դասարանի փոքրիկները որոշեցին ուսումնասիրել ցամաքամասերը եւ ընտրեցին հրթիռը իբրեւ փոխադրամիջոց, որպէսզի արագացնեն իրենց աշխատանքը: Անոնք գունաւոր հագուստներ հագած բարձրացան Ճեմարանի մանկապարտէզէն ընթացք առնող հրթիռը եւ  երգելով, նուագելով ու պարելով ներկայացուցին աշխարհի տարբեր ցամաքամասերը մինչեւ հրթիռին վայրէջքը դէպի Ճեմարանի տարրական բաժին: Յայտագրին մասնակցեցան նաեւ կապոյտ դասարաններու փոքրիկները երկու պարերով:

Հանդէսի աւարտին, բեմ բարձրացաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, եւ կանաչ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Ժրէյժ Մարի Անիս, Ժրժէս Գլօէ, Լօշխաճեան Անի, Լօշխաճեան Լօրի, Համբարեան Կայէլ, Ռաստելէնեան Ալիք, Քէպապճեան Լիլա, Օհանեան Էվա, Ալ Հաժ Լին, Ալթունեան լիլիթ, Կարապետ Արեւ, Ղարիպեան տեսիլ, Ճանսըզեան Էմմա, Մալաճեան Նաթալիա, Մանտալեան Ալիք, Նեմշէհրիլեան Մակալի, Քէլէշեան Նանար, Եսայեան Ռուբէն, Իմաստունեան Վարագ, Միթիլեան Արէն, Սամուէլեան Էնտրու, Տէմիրճեան Մհեր, Տէր Պետրոսեան Ստեփան, Աղուորեան Ալեքս, Թամուկեան Հրանդ, Թանկուքեան Ժիրայր, Թաշճեան Մօնթէ, Մկրտիչ Գէորգ Արի, Սամուէլեան Արթըր:

Տնօրէնուհին շնորհաւորեց աշակերտները ծնողներն ու ուսուցիչները եւ «վարձքը կատա՛ր» ըսաւ բոլորին:

Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգին երգեցողութեամբ: