ՀՕՄ-ի ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 4 Յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։ Վարդագոյն, կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու 145 աշակերտներ ներկաները փոխադրեցին «Դէպի հեքիաթներու աշխարհ» մը։ Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Սիրելի ծնողներ, Ճեմարանի մանկապարտէզը բոլոր հայ երեխաներուն վայրն է։ Կը բաւէ ընդունիլ երեխան ինչպէս որ է, տալ սէր, գուրգուրանք եւ ապահով մթնոլորտ, եւ պիտի տեսնենք որ ան հրաշքներ կրնայ գործել։ Այս տարի, իբրեւ հանդէսի նիւթ ընտրած ենք մանկական հեքիաթները։ Գիրքը եւ երեխան պէտք է անբաժան ընկերներ ըլլան։ Երեխան կարդալով պիտի նոյնանայ հերոսին հետ, պիտի փորձէ կապկել զայն, ինչպէս նաեւ պիտի փորձէ իշխել իր յուզումներուն։ Ան պիտի ուզէ ըլլալ՝ գայլին նման զօրաւոր, Արային նման ճարպիկ։ Իր երեւակայութեան թափ տալով, ան պիտի նստի կախարդական գաւազանին վրայ եւ պիտի երթայ դղեակէ-դղեակ, երկրէ-երկիր»։ Մանկապարտիզպանուհին շարունակելով ընթերցասիրութեան մասին իր խօսքը, ըսաւ. «Որպէսզի երեխան գիրքը սիրէ, պէտք է ծնողն ու դպրոցը միասնաբար ստեղծեն ընթերցումը զարգացնող հաճելի մթնոլորտ մը։ Չի բաւեր երեխային գրել-կարդալ սորվեցնել. այս մէկը շատ դիւրին է, շատ աւելի դժուար է ընթերցասէր երեխայ պատրաստելը»։ Թալին Եահնիյեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանին՝ բեմայարդարումին համար, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի բոլոր ուսուցչուհիներուն՝ իրենց ժրաջան աշխատանքին համար։ Կանաչ դասարաններու աշակերտները հետեւեալ խօսքով ներկայացուցին իրենց հանդէսը. «Այսօր մենք ձեռք-ձեռքի տուած ձեզ պիտի տանինք հեքիաթներու աշխարհը։ Մեր աշխարհը իւրայատուկ է, միշտ ուրախ է, գունաւոր եւ հրաշալիքներով լեցուն։ Երբեմն կ՚ըլլանք թագուհիներ ու իշխանուհիներ, ուրիշ անգամ վհուկներ կամ խօսող ձուկեր։ Այս է մեր գաղտնիքը։ Կրնանք ըլլալ ինչ որ ուզենք, երբ որ ուզենք։ Սիրելի մեծ մամաներ եւ մեծ պապաներ, այսօր մենք ձեզի պիտի պատմենք ձեր պատմած հեքիաթները եւ պիտի տեսնէք թէ որքան լաւ մտիկ ըրած ենք։» Այնուհետեւ աշակերտները երգեցին «Շնիկին դասը» եւ «Պարոն գիրք»-ը՝ իւրաքանչիւրը իր նախասիրած գիրքը բռնած։ «Մաքրութեան երգ»էն ետք, կանաչ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Մոխրիկը» եւ «Ալատտինն ու լամբը» պարերը, ապա երգեցին «Նաւավարները» երգը։ Դարձեալ կանաչ դասարաններու «Ծովանոյշը» պարէն ետք, բեմ բարձրացան կապոյտ դասարաններու աշակերտները եւ յաջորդաբար ներկայացուցին երեք պարեր՝ «Մերի Բոբինս», «Կարմիր գլխարկիկը» եւ «Ձիւնաթոյրը»։ Կարգը հասաւ վարդագոյն դասարանի աշակերտներուն, որոնք նոյնպէս խանդավառեցին ներկաները երեք պարերով՝ «Երեք խոզուկները», «Մոկլին» եւ «Քաջ նազար»։ Հանդէսի գեղարուեստական բաժինը աւարտեցին կանաչ դասարաններու աշակերտները՝ Քաջ Նազարին դրօշակները ձեռքերնին անոնք սրահ մտան, բեմ բարձրացան եւ երգեցին. «Ես եմ ահա Քաջն Նազար, Որ մէկ զարկով ջարդեմ հազար Ո՞վ չի վախնար քաջ Նազարէն Ո՞վ չի դողար իր հարուածէն։ Բոլոր գողերն, աւազակներն Կը սարսափին իր դրօշէն։ Ո՛վ քաջ Նազար, Ո՛վ հայ Նազար, Դուն ես հերոսն Մեր պատմութեան։» Նազարի երգէն ետք, աշակերտները դրօշակները տուին իրենց ծնողներուն։ Հանդէսի վերջին բաժինը յուզիչ էր։ Կանաչ դասարաններու աշակերտները վկայականներու հագուստներով սրահ մտան եւ բեմ բարձրացան մանկապարտիզպանուհիին եւ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի ընկերակցութեամբ։ Տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը։ Իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն փոխանցեց, թէ ապագային ի՛նչ կ՚ուզէ ըլլալ։ Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները. Աւագեան Զուլալ, Քիլէճեան Գալին, Դարբինեան Անժելինա, Մանիսաճեան Էլսա, Մարթայեան Մարիէլ, Տէմիրճեան Մարին, Տօնիկեան Ճոյա Մարիա, Քէշիշեան Սանան, Քէշիշեան Վիոլեթթա, Գարամանուկեան Սելին, Գրիգորեան Կասիա, Եղիայեան Կարին, Թասլաքեան Լանա, Ժալըֆեան Կլօրիա Մարիա, Հանաշեան Արին, Պահտայեան Քրիսթինա, Պաստաճեան Կալիա, Տէր Աբրահամեան Առլի, Աղասարգիսեան Սարին Ռիթա, Զաքարեան Սէրլի Գայեանէ, Ղազար Քամի, Նալպանտեան Նարօտ, Պազարպաշեան Նանար, Վասիլեան Ալինա, Տէր Աբրահամեան Դերա, Փափազեան Ռիթա, Աթաշեան Քրիս, Աշըգեան Շահէ, Գրիգորեան Հրակ, Համալեան Հրակ, Յովսէփեան Վարանդ, Պապուքեան Սերժ, Պարսումեան Միսաք, Տէմիրճեան Կապրիէլ, Տէմիրճեան Ճորճ, Ահարոնեան Գարլօ, Արապաղեան Գէորգ, Գալայճեան Հրակ, Պապիկեան Արէն, Պորոյեան Վարագ, Վարդանեան Նարեկ, Տէյիրմէնճեան Ալեքս, Տօնէրեան Ճովանի, Տէրտէրեան Քրիստափոր, Արթինեան Էնճըլօ, Աւետիսեան Սերուժ, Թիւթէլեան Հրակ Ցոլակ, Ժամկոչեան Արեգ, Մարկոսեան Քրիստ, Մենկիշեան Նժդեհ, Պուտուրեան Յարութ Սերճիօ, Տէմիրճեան Երուանդ, Քէօշկէրեան Կարօ։ Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով։