ՀՕՄ-Ի ԵՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնները այցելեցին Ճեմարան, շրջեցան դպրոցի զանազան բաժինները եւ մօտէն ծանօթացան Ճեմարանի առօրեային, արձանագրած յաջողութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն։