ՀՐԱԿ ԴՐՕ ԿԻՒՐԻՒՆԼԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՐԿՐՈՐԴ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ «ԲԵՄԵԼ» համահայկական մանկապատանեկան ասմունքի առցանց մրցոյթին մասնակցող Ճեմարանի աշակերտներէն Հրակ Դրօ Կիւրիւնլեան 13-էն 16 տարեկան տարիքային խումբին երկրորդ դիրքը գրաւեց:

Երկուշաբթի, 20 Մայիս 2019-ին Հրակ Դրօն ներկայ գտնուեցաւ սոյն մրցանքի մրցանակաբաշխութեան, որ տեղի ունեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնին մէջ, ուր անգամ մը եւս ասմունքեց եւ ստացաւ իր մրցանակը: Կը շնորհաւորենք Հրակը: