ՀՊԱՐՏ ԵՄ

Իբրեւ ծնող, 27 Ապրիլին հրաւիրուած էի Ճեմարանի նախակրթարանի բաժնի 24 ապրիլի առիթով կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան: Ճիշդ ժամուն արդէն ներկայ էի «Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Սրահին աթոռներուն կէսը գրաւուած էին 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները, իսկ միւս կէսը յատկացուած էր ծնողներուն: Քիչ անց ներս մտաւ դպրոցին տնօրէնը` ընկերակցութեամբ օրուան բանախօս Եսայի Հաւաթեանին եւ օրուան հիւր Մարի Ռոզ Ապուսեֆեանին: Ձեռնարկը բացուած յայտարարուեցաւ աշակերտուհիի մը կողմէ: Ան կարդաց իր գրած բացման խօսքը, որ նոյնութեամբ տպուած էր նստարաններու վրայ նախապէս զետեղուած յայտագրին մէջ: Յատկանշականը այն էր, որ ձեռնարկին իւրաքանչիւր մանրամասնութեան ներկայացումը կը կատարուէր աշակերտութեան կողմէ: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ, որ պատրաստուած էր Զ. դասարանի աշակերտութեան կողմէ եւ կը ներկայացնէր Ցեղասպանութեան պատմութիւնը` մինչեւ ահաբեկչական շարժում: Զ. դասարանի բոլոր աշակերտները անխտիր իրենց մասնակցութիւնը բերած էին այս խտասալիկի պատրաստութեան. իւրաքանչիւրը իր բաժինը կը կարդար, սակայն միաժամանակ ունկնդրելով իր դասընկերոջ ընթերցումը` ինքնաբերաբար պիտի ծանօթանար այս ժամանակահատուածի պատմութեան մանրամասնութիւններուն: Դաստիարակիչ էր երեւոյթը. նախ` բոլորին մասնակցութիւնը ապահովուած էր, ապա` անուղղակիօրէն նիւթը լաւապէս իւրացուած պիտի ըլլայ աշակերտութեան կողմէ: Գեղարուեստական յայտագիրը սովորական չէր, նկատի առնուած էին իւրայատուկ գործիքներ` սրինգ, քանոն եւ տհոլ, որոնք կը նուագէին դպրոցին աշակերտները: Հիացմունք պատճառեցին այս հայաշունչ ներկայացումները, որոնք հնչեցուցին հայկական մեղեդիներ: Յատկանշական էր տհոլահարներու պարային ճկուն շարժումները: Արտասանութիւններ հնչեցին աշակերտներու կողմէ: Աւելի ուշ 4-րդ դասարանի աշակերտները դարձեալ ամբողջ դասարանով միասնաբար երգեցին «Թող հնչեն շեփորք» երգը, թնդաց սրահը: 5-րդ դասարանի աշակերտները հայկական շուրջպարով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ: Վերջապէս, օրուան բանախօս Եսայի Հաւաթեան պատմութեան մը ընդմէջէն պատկերաւորեց արհաւիրքն ու ողբերգութիւնը` միաժամանակ 3 խորհուրդ տալով աշակերտութեան. թուրքին երբեք չհաւատալ, յարգել մայրերը, ինչպէս որ պատմութեան հերոսը կը յարգէր իր մայրը, քանի որ հայ մայրերու շնորհիւ է, որ հայ ազգը կրցած է գոյատեւել եւ, վերջապէս, թելադրեց, որ բոլորը կարդան «Արեան ճանապարհով» գիրքը` հեղինակութեամբ Արմէն Մարաշլեանի, որուն համառօտ պատմութիւնը ներկայացուց ինք: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան հիւրը` մտաւորական, հրապարակագիր եւ դերասան Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան, որ յայտնեց իր յուզումը եւ հիացումը ձեռնարկին համար եւ մաղթեց, որ իր թոռնիկն ալ օր մը կարելիութիւնը ունենայ Ճեմարանի աշակերտ դառնալու եւ այս հայաշունչ մթնոլորտին մէջ հասակ նետելու: Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան յուզուած, բայց միեւնոյն ժամանակ հպարտութեամբ անշարժացած էի աթոռիս վրայ: Հպարտ կը զգայի, որ զաւակներս Ճեմարան կը յաճախեն եւ կը շնչեն Ճեմարանի կենսունակ, խանդավառ եւ մանաւանդ հայաշունչ մթնոլորտը: Սրահին մէջ ձայն չկար, բոլորը քարացած էին, աշակերտները լռութեամբ եւ կարծես բարձր գիտակցութեամբ կը հետեւէին ձեռնարկին: Նոյն օրը երեկոյեան աղջիկս ըսաւ, որ պէտք է գրախանութ երթանք գիրքը գնելու, քանի մը օր ետք, երբ Համազգայինի գրախանութ մտանք եւ գիրքը փնտռեցինք, վաճառող օրիորդը ըսաւ, որ զարմանալի է այս շաբաթ քանի հոգի եկաւ եւ նոյն գիրքը ուզեց, ինչ զուգադիպութիւն է… Ես անմիջապէս հասկցայ, որ զուգադիպութիւն չէր, այլ օրուան բանախօսը յաջողած էր իր պատգամը հասցնելու առ որ անկ է, աշակերտները սկսած էին, անսալով բանախօսին եւ վստահաբար ազդուելով անոր պատմութենէն, փնտռել գիրքը: Ասիկա յաջողութիւն չէ՞… Այս դաստիարակիչ եւ օրինակելի ձեռնարկը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ եւ այդ պատճառով որոշեցի մամուլով բարձրաձայնել զգացումներս: Աշակերտներուն լուրջ եւ լուռ հետեւիլը ամբողջ ձեռնարկի տեւողութեան, անոնց մեծամասնութեան մասնակցութիւնը ձեռնարկի գործադրութեան, ձեռնարկէն ետք զանազան անկիւններու խօսակցութիւններուն եւ պրպտումներուն ի տես պէտք է հաստատել, որ անգամ մը եւս Ճեմարանը յաջողեցաւ իր կոչումին մէջ եւ եկաւ հաստատելու, որ կը շարունակէ իր հիմնադիրներուն հարթած ճանապարհով հաստատուն քայլերով ընթանալ: Իբրեւ ծնողի` իմ ակնկալիքս ճիշդ այս է Ճեմարանէն` պատրաստել ՀԱՅ մարդ, որ գիտակից է իր ազգի պահանջատիրութեան, գիտէ իր անցեալը, զինուած է գիտութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ կը կտրէ ճամբան: Այս է երաշխիքը մեր յաջողութեան: Վարձքը կատար Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին: Հպարտ եմ ձեզմով: ՆԵՐԿԱՅ ԾՆՈՂ ՄԸ