ՀՈՂԻՆ ՈՒԺԸ

Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները ամբողջացնելէ ետք հայոց պատմութեան համապատասխան դասը, իրենց ուսուցիչին ցուցմունքով բեմականացուցին հայոց Արշակ Բ. թագաւորին եւ պարսիկ Շապուհին զրոյցը՝ ճեմելով հայկական եւ պարսկական «հողերուն» վրայ: Անոնք այս բեմականացումով շեշտեցին հայրենի հողին ուժն ու ազդեցութիւնը իւրաքանչիւր անհատի նկարագրին վրայ: