ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ԵՍԱՅԻ ԱԲԵՂԱՅ ԷՕՐՏԷՔԵԱՆԸ Գ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2022-ին, Տարրական բաժնի Գ. դասարանի աշակերտները, Հայոց Պատմութեան ծրագրի ծիրէն ներս, հիւրընկալեցին Հոգեշնորհ Տէր Եսայի Աբեղայ Էօրտէքեանը, որ իրենց փոխանցեց Սուրբ Զատկուան խորհուրդը: Աշակերտները Տէր Եսայիին ուղղեցին զանազան հարցումներ եւ հանդիպման աւարտին անոր շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց պատրաստած բացիկով: