ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ` Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ

Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2011-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յետ պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ Համազգայինի բարերարներ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեաններու, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Ներկայ էին Հայկ Արսլանեանի որդին` Շահէ Արսլանեան եւ դուստրը` Սանտրա Արսլանեան, նախարար Վրէժ Սապունճեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Համազգայինի եւ Ճեմարանի ընտանիքը, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ բարերարին յիշատակը յարգող հայորդիներ: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք վեհափառը վեհարանին մէջ ընդունեց ներկաները: Ան բարձր գնահատեց բարերարներուն ներդրումը հայեցի կրթութեան ասպարէզին մէջ: Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեճաշ, որուն ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, վեր. Փոլ Հայտոսթեան, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Շահէ Արսլանեան: