Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ճեմարան այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեանը: Անոնք հանդիպեցան նախ տնօրէնութեան, ապա՝ աւարտական դասարանի աշակերտութեան հետ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ծանօթանալէ ետք Ճեմարանի առօրեային, դրուատիքով արտայայտուեցաւ լիբանանահայութեան մասին՝ փոքրիկ Հայաստանի մը նմանցնելով Լիբանանը, ուր հայութիւնը կը պահէ իր ինքնութիւնը հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն: Ան նաեւ անդրադարձաւ աշակերտներուն Հայաստան ուսանելու կարելիութիւններուն:
Այցելութեան աւարտին, Իշխան Սաղաթէլեան իր տպաւորութիւնը արձանագրեց Ճեմարանի յուշամատեանին մէջ: