Հինգշաբթի, 2 Մայիս 2019-ի առաւօտեան Ճեմարան այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Դպրոցի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան ատենապետին հետ հանդիպումի մը ընթացքին արծարծուեցան Ճեմարանի առօրեային վերաբերող եւ կրթական զանազան նիւթեր:
Այցելութեան աւարտին, Բիւրոյի ներկայացուցիչը շրջեցաւ կառոյցին մէջ եւ ծանօթացաւ անոր զանազան բաժիններուն, մասնաւորաբար նորակառոյց «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրին: