«ՀԷՅ ՃԱՆ ՂԱՓԱՄԱ»

Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2026-ին, տարրական բաժինի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները  «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբի «Հէյ Ճան Ղափամա» աշակերտական ներկայացումին։

Անոնք մեծ ուրախութեամբ դիտեցին երաժշտախառն, դաստիարակիչ եւ միաժամանակ զուարճալի այս թատրոնը, բուռն ծափահարութիւններով քաջալերելով աշխոյժ ու խանդավառ դերասանները, որոնց մաս կը կազմէին նաեւ մեծաթիւ ճեմարանականներ:

Վարձքը կատա՛ր Ճեմարանի ընկերային ծառայող եւ թատրոնի ուսուցչուհի, այս թատրերգութեան հեղինակ եւ բեմադրիչ Սիլվա Սողոմոնեանին: