ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՄՈՎՍԷՍ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 13 Մայիս 2022-ին, Ճեմարան այցելեց ճարտարապետ Մովսէս Տէր Գէորգեան եւ հանդիպում ունեցաւ երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտներուն հետ:

Ան հաճելի եւ հետաքրքրական զրոյց մը վարեց անդրադառնալով հայերէն լեզուի օգտագործման՝ մասնագիտական տարբեր ոլորտներու մէջ: Ան ըսաւ, որ սոսկ խօսակցութեան համար գործածելէ անդին անհրաժեշտ է լեզուն այսօրուան կալուածին մէջ դնելը, ստեղծագործական առումով:

Ան խօսեցաւ նաեւ թարգմանական գրականութեան կարեւորութեան մասին եւ ներկայացուց վերջերս իր թարգմանած Ջորջիո Ագամբենի փիլիսոփայական գիրքերը` «Ի՞նչ է տրամադրիչը», «Բարեկամը» եւ «Ի՞նչ է ժամանակակիցը»:

Հանդիպման աւարտին, Մովսէս Տէր Գէորգեան Ճեմարանի գրադարանին նուիրեց  իր թարգմանած գիրքերը եւ Գրիգոր Պըլտեանի 75-ամեակին նուիրուած շարքը, որ կը բաղկանայ 15 հատորներէ եւ կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր: