ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏՈՔԹ. ԻՇԽԱՆ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի ծրագիրի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 24 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:օօ-ին, Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները առցանց հանդիպեցան ատամնաբոյժ տոքթ. Իշխան Եղիայեանի հետ, որ ընդհանուր գիտելիքներ փոխանցեց ընդհանուր առողջապահութեան, մարդակազմութեան, ակռաներու խնամքի, առողջ սննդականոնի եւ հաւասարակշռուած կեանքի մասին: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ լսեցին տոքթ. Եղիայեանի ցուցմունքները, ինչպէս նաեւ անոր ուղղեցին բազմազան հարցումներ եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ: