ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍՕՍԷ ՄՆԱԿԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ճեմարան այցելեց Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Սօսէ Մնակեան։

Դպրոցին զանազան բաժինները շրջելէ ետք, Սօսէ Մնակեան ամբողջ պահ մը անցուց ԺԱ. գրական դասարանի աշակերտներուն հետ։ Հաճելի ու հետաքրքրական զրոյց մը կայացաւ երկու ճեմարաններու կրթական ծրագիրներու, դասերու, դպրոցական ժամերու, պետական քննութիւններու եւ զանազան հարցերու շուրջ։

Մտերմիկ այս հանդիպումը վերջ գտաւ զոյգ դպրոցներու ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն միջեւ համացանցային կապ հաստատելու առաջադրանքով։