ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍԻՄՈՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2026-ին, երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Մեսրոպեան վարժարան եւ մասնակցեցան աշակերտական հանդիպումի մը ֆրանսահայ հռչակաւոր դերասան եւ բեմադրիչ Սիմոն Աբգարեանի հետ։

Ճեմարանի աշակերտները օրուան յայտագիրին մասնակցեցան հայերէն բացման խօսքով, նուագով եւ պարով: Իսկ Սիմոն Աբգարեանի հետ զրոյցը վարեց Ճեմարանի երկրորդական բաժինի ֆրանսական գրականութեան ուսուցչուհի՝ Տիկ. Ռանիա Տաուտ Ազնաւուրեան: