ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԷՅՐՈՒԹ ՄԱՐԱԹՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ

Ճեմարանի Լսարանական Միութեան կազմակերպութեամբ ճեմարանականները պիտի մասնակցին 29 Նոյեմբեր 2026-ին կայանալիք Պէյրութ Մարաթոնի մրցումներէն մէկուն: Այս առիթով, Հինգշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2026-ին, Պէյրութ Մարաթոնի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Աննա Մարիա Էլ Խուրի այցելեց Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցաւ Լսարանական Միութեան եւ Թ. դասարանի աշակերտներուն հետ: Ան անդրադարձաւ Պէյրութի մէջ Մարաթոնի պատմականին, խօսեցաւ անոր բարեսիրական նպատակին մասին եւ բացատրութիւններ տուաւ մրցումներուն մասին: