Երկուշաբթի, 20 Յունուար 2025-ին, կեանքի հմտութիւններ եւ ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ, մանկաբուժութեան վերջին տարուան ուսանող Տոքթ. Աւետիս Մարտիրոսեան նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ տարիքային ֆիզիքական փոփոխութիւններուն եւ իրենց զգացական աշխարհին վրայ անոնց ազդեցութեան մասին: Աշակերտները բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին եւ լուսաբանուեցան:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԱՆԿԱԲՈՅԺԻՆ ՀԵՏ
