ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ «VLUME» ԾՐԱԳՐԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2020-ին, հաճելի զրոյց մը տեղի ունեցաւ «vlume» ծրագրի հիմնադիրներուն՝ Մարտիկ Չոլաքեանին եւ Ռազմիկ Հարունիին հետ, որոնք Զ. եւ Է. կարգերու աշակերտներուն ծանօթացուցին հայկական թուայնացած գրադարան հարթակը, ուր տեղադրուած են մօտաւորապէս 800 գիրքեր։ Ընթերցանութիւնը կը հարստացնէ մեր ներաշխարհը եւ բառապաշարը,- ըսին հիմնադիրները եւ բացատրեցին իրենց ղեկավարած աշխատանքին հանգրուանները։
Այս ծրագիրին նպատակն է քաջալերել հայ աշակերտը հայերէն գիրքեր ընթերցելու՝ արհեստագիտական կարելիութիւններու շնորհիւ։ Հետեւեալ ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու գործին մէջ, «VLUME» հարթակին կողքին, ձեռք-ձեռքի կը գործակցի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը։