ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հայերէն լեզուի դասապահերուն ընթացքին, Զ. եւ Է. դասարաններու աշակերտները մասնակցեցան հանդիպում-զրոյցի մը խմբագիր, «Վանայ Ձայն»ի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի հետ: Զրոյցին նիւթն էր «Լրագրութեան տեսակները, գրաւոր, բանաւոր եւ ելեկտրոնային մամուլ։ Ի՞նչպէս հետեւիլ լուրերուն եւ անոնց վաւերականութեան»։

Է. դասարանի աշակերտներէն Նարեկ Չերքէզեան այս հանդիպումին մասին կը գրէ. «Դասընկերներս ու ես առցանց հանդիպումով մը տեսնուեցանք Պրն. Վիգէն Աւագեանին հետ: Հանդիպումը ճիշդ եւ սխալ տեղեկութիւններ զանազանելու մասին էր: Ան ըսաւ, որ պէտք է պրպտումներ ընել տարածուած լուրի մը մասին, քանի մը աղբիւրէ լսել նոյն լուրը, ստուգել նաեւ, թէ ո՞վ է լուրը տարածողը, եւայլն»:

Նշենք նաեւ, որ «Վանայ Ձայն»ի կողմէ Արցախեան երգերու խտասալիկներ նուիրուեցան Զ. դասարանի աշակերտներուն: