ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2020-ին, հայերէնի դասապահուն, Է․ դասարանի աշակերտները հետաքրքրական զրոյց մը ունեցան Պոլիսէն՝ Սեւան Տէյիրմէնճեանին հետ, պանդխտութեան նիւթով: Մանկավարժ եւ խմբագիր պարոն Տէյիրմէնճեանը խօսեցաւ այն երիտասարդներուն եւ տարեցներուն մասին, որոնք գաւառներէն  կը հասնէին Պոլիս՝ ապահովելու իրենց ապրուստը։ Ան մատնանշեց, որ պանդխտութեան մասին ծաւալած գրականութենէն  կ’իմանանք  պանդուխտներուն ամէնօրեայ կեանքին, ապրելակերպին, խաներու մէջ տիրող դժուար պայմաններու մանրամասնութիւններուն մասին։ Ան յատկապէս անդրադարձաւ պանդուխտ հեղինակներէն՝ Յակոբ Մնձուրիին, Խրիմեան հայրիկին, ինչպէս նաեւ՝ Մելքոն Կիւրճեանի «Պանդուխտի նամակներ»ուն եւ պատմեց Դանիէլ Վարուժանի պանդուխտ հօրը հետ հանդիպումին մասին, բանտին մէջ։

Պանդխտութեան տարբեր երեսներուն անդրադառնալէ ետք, Սեւան Տէյիրմէնճեան զայն առնչեց մեր ներկային՝ կատարելով զուգահեռներ։  Զրոյցի ընթացքին  նշուեցաւ նաեւ, թէ Կոմիտաս վարդապետ  շատ  մը երգեր լսած  է պանդուխտներէն եւ զանոնք արձանագրելով պահպանած ու կորուստէ փրկած է մեր մշակոյթէն մաս մը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք պրն․ Սեւանին, որ յաւելեալ տեղեկութիւններով հարստացուց մեր գիտելիքները։

Մարգրիտ Ղազարեան

Լոռի Բակլայեան

Շուշի Գասապեան

Սելին Գիլէճեան