ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՍԱՆԱՀԻՆ ԳԱՍԱՊԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 14 Մայիս 2021-ին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները ֆրանսերէն լեզուի դասապահուն առցանց հանդիպում մը ունեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ Սանահին Գասապեանին հետ։

Սանահինը մասնագիտացած է ֆրանսական գրականութեան, պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ճիւղերուն մէջ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ, ապա Փարիզի Սիանս-Փօ համալսարանները յաճախելով։ Անոր ֆրանսերէն լեզուով յօդուածները պարբերաբար լոյս կը տեսնեն «L’Orient-Le Jour»ի մէջ։ Սանահին Գասապեան աշակերտներուն հետ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ, պատմեց իր փորձառութիւնը, խօսեցաւ ընթերցումի կարեւորութեան մասին եւ քաջալերեց աշակերտները գրելու, աշխատելու, որովհետեւ աշխատանքով կրնան հասնիլ իրենց բոլոր նպատակներուն։