Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2022-ին, նախակրթարանի Զ. դասարաններու աշակերտները հանդիպում մը ունեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ վաստակաշատ ուսուցչուհի Շաղիկ Մկրտիչեանի հետ, որպէսզի ծանօթանան սփիւռքահայ գրագէտ Մուշեղ Իշխանին:
Տիկին Շաղիկ աշակերտներուն ներկայացուց Մուշեղ Իշխանը իբրեւ լա’ւ մարդ, լա’ւ ուսուցիչ եւ լա’ւ գրագէտ: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան նիւթին եւ զանազան հարցումներ ուղղելով ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները Մուշեղ Իշխանի մասին:
