ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՌՈՒԲԷՆ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ընկերային կազմաւորման ծիրէն ներս, Երկուշաբթի, 6 Մայիս 2019-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի եւ երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները հանդիպում ունեցան Ճեմարանի շրջանաւարտ Ռուբէն Ալեքսանտրեանի հետ:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, Ը. դասարանի աշակերտներուն Ռուբէն Ալեքսանտրեան նախ խմբական աշխատանքի մը ընդմէջէն ներկայացուց ամբողջ օրուան մը ընթացքին այդ տարիքի աշակերտին առօրեան, որ կ’ընդգրկէ կենցաղային պարտականութիւններ, պատասխանատուութիւններ եւ ժամանցի պահեր: Աշակերտները բնազդաբար սկսան մտածելու, թէ ինչքա՛ն ժամանակ կը տրամադրեն արժէքաւոր բաներու: Ան բացատրեց, որ ժամանակը լաւ ձեւով օգտագործելը թէ՛ օգտակար է եւ թէ հաճոյք է:

Ժ. դասարանի աշակերտներուն Ալեքսանտրեան խօսեցաւ իրենց տարիքի ուժին, պատեհութիւններուն, յարատեւութեան, հետեւողականութեան եւ խթանող ուժին մասին: Ան ըսաւ, որ այս բոլոր ազդակները կ’օգնեն, որ անձ մը հասնի յաջողութեան, սակայն կարեւորագոյնը ձգտումն է եւ մեծ հաւատքով երազ ունենալը, առանց յուսահատութեան: Ան շեշտեց ներքին մղումին անհրաժեշտութիւնը կեանքի մէջ յաջողութեան համար:

Անդրադառնալով իր անձնական փորձառութեան, ան պատմեց, թէ ի՛նչպէս ճարտարապետութիւն ուսանելէ ետք, նախընտրած է հետեւիլ իր ներքին մղումին ու աշխատիլ բարեսիրական մարզին մէջ: Սկսած է աշխատելու UN-ի մէջ եւ յաջողութիւն ձեռք ձգելէ աւելի, հոգեկան մեծ գոհունակութիւնը մղում տուած է իրեն:

Ան եզրափակեց ըսելով, որ պէտք է հաճոյք եւ բաւարարութիւն ստանանք մեր ասպարէզէն: