ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐՄԷՆ ՊԱԼԵԱՆԻ ՀԵՏ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2023-ին, կեանքի հմտութիւններ եւ ընկերային կազմաւորման ծրագրի նիւթերէն «Mindset» նիւթը, Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց Արմէն Պալեան (conflict resolution-ի մասնագէտ):

Ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս մարդիկ կրնան իրենց կամքով, մղումով եւ յարատեւ ճիգով հասնիլ անկարելիին, կարեւորը նպատակակէտ ճշդել եւ այդ գծով հետեւողական աշխատանք տանիլն է: Ան  օրինակներ տուաւ հռչակաւոր անձերէ, որոնք մեծ ճիգ թափած են հասնելու համար իրենց նպատակին:

Աւարտին, 4 Օգոստոսի պայթումէն փրկուած մայր մը՝ Միրնա Հապպուշի իր վկայութիւնը տուաւ եւ պատմեց, թէ ի՛նչպէս աջ աչքն ու ձեռքը կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ կը պայքարի եւ կը շարունակէ իր կեանքն ու գործը:

Ներկայացուած նիւթը խորապէս տպարեց աշակերտները: