ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՍԷՐՈՒԺ ԳՐԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 15 Մարտ 2023-ին Ճեմարան այցելեց աշխարհահռչակ դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեան, ընկերակցութեամբ համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին։

Տնօրէնութեան կողմէ հիւրընկալուելէ ետք,  մեծ երաժիշտը շրջեցաւ դպրոցին մէջ, ապա «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Թ., Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտութեան հետ։ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի  բարի գալուստի հակիրճ խօսքէն ետք, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդան Ազնաւուրեան խօսեցաւ համազգայինի 95-ամեակին եւ այդ առիթով Լիբանան ժամանած Սէրուժ Գրաճեանի մասին, ապա Ճեմարանի աշակերտներէն Թ. դասարանէն Քրիսթէլ Մինասեան՝ դաշնամուրով եւ Ժ. դասարանէն Լորի Յովսէփեան՝ սրինգով բացումը կատարեցին երաժշտական մթնոլորտին։ Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Սէրուժ Գրաճեան եւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, պատմեց դրուագներ իր մանկութենէն, մասնաւորաբար, թէ ի՛նչպէս ինք ներգրաւուած է երաժշտական մարզին մէջ, ապա հպարտութեամբ շեշտեց հայկական երաժշտութեան արժէքը, յատկապէս երբ ան բարձր կը գնահատուի օտար հանրութեան կողմէ։ Տաղանդաւոր երաժիշտը նուագով մը հմայեց ներկաները, ապա հրաժեշտի խմբանկարէն ետք, մեկնեցաւ Ճեմարանէն։