Հինգշաբթի, 20 Յունիս 2019-ին, Վարդագոյն դասարանի երեխաներուն ծնողները ժամանեցին դպրոց եւ հանդիպում մը ունեցան Ճեմարանի ուղղավարժական գրասենեակի անդամներուն հետ, ներկայութեամբ Ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեանի եւ մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիյեանի:
Հանդիպման թեման էր 3-4 տարեկան փոքրիկներուն զարգացման եւ կազմաւորման երեւոյթները, ինչպէս նաեւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները: Հաւաքը վարեց Մանկապարտէզի ուղղավարժ Մարիա Պիլեմճեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ինչպէս մանկավարժութեան արդի տեսութիւնները, այդպէս ալ Ճեմարանը, կը հաւատան ծնողք-դպրոց փոխ-յարաբերութիւններուն անհրաժեշտութեան, եւ այս իմաստով ան հանդիպման ներկայ գտնուող ծնողներէն խնդրեց, որ յառաջիկայ դպրոցական տարեշրջանին ընթացքին առաջարկներ ընեն՝ իրենց հետաքրքրող նիւթերու վերաբերեալ, որպէսզի կազմակերպուին նմանօրինակ հանդիպումներ: Ապա, յաջորդաբար ելոյթ ունեցան երեք մասնագէտներ՝ Ճեմարանի հոգեբան եւ խորհրդատու Նաթալի Այվազեան, ուղղախօս Ճենիֆըր Ապէթեան եւ հոգեշարժունակութեան մասնագէտ Սարին Սիւփիւրկէճեան, որոնք ներկայացուցին 3-4 տարեկան երեխաներու հոգեկան, յարաբերական, ուղղախօսական եւ հոգեշարժունական առանձնայատկութիւնները:
Հանդիպման աւարտին, ծնողներուն առիթ տրուեցաւ իրենց հարցումները ուղղելու Ճեմարանի ուղղավարժական գրասենեակի մասնագէտներուն: