ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԱՐԱՐԱՏ ԼԵՌԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ ՔՐԻՍՏ ԲՐՈՒՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

«Հայոց պատմութեան էջերէն» բնաբանի ծիրէն ներս, Ե. դասարանի աշակերտները սորվեցան Աւետիք Իսահակեանի «Արարատին» բանաստեղծութիւնը: Սոյն նիւթին կապակցութեամբ` Երկուշաբթի, 14 Յունիս 2021-ին, աշակերտները իրենց հայերէնի դասապահուն հանդիպում մը ունեցան Արարատ լեռ բարձրացած` ճեմարանաւարտ Քրիստ Բրուտեանին հետ: Ան հեռարձակումով նախ խօսեցաւ լեռնագնացութեան ֆիզիքական պատրաստութեան մասին, ապա դէպի Արարատ ուխտագնացութեան ժամանակին իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ զգացումներուն մասին, ինչպէս նաեւ պատմեց արեւմտահայաստանի մէջ այցելած յատկանշական վայրերուն մասին:

Աշակերտները հետաքրքրութեամբ լսեցին եւ զանազան հարցումներ հարցուցին Քրիստին: Դասապահու աւարտին, անոնք ալ նոյն ոգեւորութեամբ որոշեցին անպայման բարձրանալ Արարատ լեռը ու պարզել եռագոյնը անոր գագաթին: