Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ 2018-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտները տօնական բարձր տրամադրութեամբ նշեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-րդ եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 90-րդ տարեդարձները: Զոյգ նշումները կատարուեցան երգի, պարի, թատրոնի, դասախօսութիւններու, աշխատանոցներու եւ զարգացման մրցումներու ընդմէջէն:
Մանկամսուրի փոքրիկները ունէին իրենց յատուկ յայտագիրը. անոնք ծանօթանան Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակին եւ տողանցեցին հայկական տարազներով, ապա ձեռային աշխատանք կատարեցին: Փոքրիկներուն յայտագիրը աւարտեցաւ հայկական պարերով:
Կասիա Պարսումեան, Սիւզան Քեչէք, Գրիգոր Արբաճեան, Գարմէն Աճէմեան զրոյց-դասախօսութիւններու ընդմէջէն մանկապարտէզի փոքրիկներուն ներկայացուցին հայ նշանաւոր դէմքեր՝ Շարլ Ազնաւուր, Արամ Խաչատուրեան, Այվազովսկի եւ Սայաթ Նովա: Փոքրիկները ծանօթացան նաեւ հայկական գործիքներուն եւ երաժշտութեան, երգեցին ու պարեցին, ձեռային աշխատանքներ կատարեցին եւ կրկնեփուկ պատրաստեցին:
Տարրական բաժինի աշակերտներուն յայտագիրը նուիրուած էր Սարդարապատի յաղթանակին: Ճեմարանի շրջանաւարտ Նարօտ Քեչէպաշեան երեք հանգրուաններով աշակերտներուն ներկայացուց Հայաստանի իրավիճակը 1918 թուականին, պատերազմի պատրաստութիւնները եւ Հայաստանի հանրապետութեան հռչակումը: Մինչ այդ աշակերտները հայրենասիրական երգերով ու արտասանութիւններով ելոյթ ունեցան: Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ պարի ուսուցում հայրենի պարուսոյցներ Ժագլին եւ Կարէն Մակինեաններու կողմէ:
Նախակրթարանի աշակերտները Հայ Մշակոյթի օրուան առաջին հանգրուանին մասնակցեցան զարգացման մրցումի մը, որ կ’ընդգրկէր հարցումներ՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ Հ. Մ. Ը. Մ.-ին վերաբերող: Երկրորդ հանգրուանին, նկարչութեան ուսուցիչ Գրիգոր Արբաճեան Դ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց «նկարչութիւնը իբրեւ մշակոյթ» նիւթը, ապա աշակերտները զարդանախշեր պատրաստեցին: Ձեռային աշխատանքի ուսուցիչ Էլօ Մելքոնեան Ե. եւ Զ. դասարանի աշակերտներուն ներկայացուց «կաւագործութիւնը իբրեւ մշակոյթ» նիւթը, ապա աշակերտները պատրաստեցին կաւէ կախազարդեր եւ բանալեկալներ՝ նուռի կամ յաւերժութեան նշանի տեսքով:
Միջնակարգի աշակերտներուն ծրագիրը կը բաղկանար հետեւեալ դասախօսութիւններէն եւ վարժանքներէն.
-Լիբանանի պետական եւ Սեն Ժոզէֆ համալսարաններու դասախօս Յակոբ Տէր Ղուկասեան խօսեցաւ թատրոնի մասին, եւ տեղի ունեցան անմիջական պատկերներու բեմականացումներ:
-Ճարտարապետ, հնագէտ եւ երկրաչափ Ռաֆֆի Չերչեան խօսեցաւ հայկական ճարտարապետութեան մասին՝ մանաւանդ հայ եկեղեցւոյ մասին, եւ աշակերտները կազմեցին Սաղմոսավանքի ընդհանուր պատկերը:
-Գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Ռաֆֆի Ետալեան խօսեցաւ հայկական քանդակագործութեան մասին, ապա աշակերտները կատարեցին կաւով աշխատանք:
-Դոկտ. Մովսէս Հերկէլեան խօսեցաւ ծովանկարչութեան մասին շեշտելով Այվազովսկիի գործերուն հայկականութեան դրոշմը: Օրը աւարտեցաւ հայկական ճաշասեղանով:
Շնորհակալութիւն երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտներուն, որոնք օգնեցին մանկապարտէզի թէ այլ բաժիններու մէջ կատարուող զանազան աշխատանքներուն:
Վարձքը կատար Ճեմարանի Ծնողական խորհուրդին, որ ստանձնած էր մշակոյթի օրուան նախաճաշի ու ճաշի պատրաստութիւնն ու մատակարարումը: