ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱՆ ԵՐՐՈՐԴ

Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ին, Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտներէն Սարինէ Ներսէս, Ռազմիկ Տէրունեան, Լալէ Չափարեան, Հայկ Աւետիս եւ Մհեր Փելթէքեան մասնակցեցան Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան միջ-դպրոցական զարգացման մրցումին եւ հանդիսացան երրորդ: