Շաբաթ, 18 Մայիս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած «Հայ դպրոցը` հայկական դիմագիծի պաշտպան» խորագիրով խորհրդաժողովին մասնակցեցան Ճեմարանէն հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ երկրորդական բաժինէն խումբ մը աշակերտներ:
«ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՄԱԳԻԾԻ ՊԱՇՏՊԱՆ»՝ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
