Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2010-ին միջնակարգի բոլոր աշակերտները եւ երկրորդականի Ժ. դասարանի աշակերտները դիտեցին «Հայ Ասպետ-Սփիւռք» մրցոյթի տեսերիզը: Տեսերիզի ցուցադրութենէն առաջ, մրցոյթին մասնակցած աշակերտները խօսք առին եւ իրենց փորձառութիւնը, զգացումներն ու տպաւորութիւնները փոխանցեցին ներկաներուն, մաղթելով որ ուրիշներ եւս յառաջիկայ տարիներուն առիթը կ’ունենան մասնակցելու այսպիսի օգտաշատ ու դաստիարակիչ նախաձեռնութեան մը: Ապա հրաւիրուեցաւ Ճեմարանի տնօրէնը այս առթիւ իր խօսքը փոխանցելու աշակերտներուն: Ան գնահատեց Ճեմարանի «ասպետ»ները, որոնք լաւ արդիւնք ապահոված էին մրցոյթին եւ իրենց կեցուածքով, վարք ու բարքով գնահատանքի արժանացած կազմակերպող մարմնին կողմէ: Տնօրէնը շեշտեց հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը մասնաւորաբար սփիւռքի դպրոցներուն մէջ: Տնօրէնին խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ մրցոյթի տեսերիզը:
«ՀԱՅ ԱՍՊԵՏ-ՍՓԻՒՌՔ» ՏԵՍԵՐԻԶԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
