ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Ուրբաթ, 3 Յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 8։30-ին, Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, տարրական բաժինի Բ1 եւ Բ2 դասարաններու աշակերտները նշեցին հայրերու տօնը։ Աշակերտները իրենց հայրերուն նուիրեցին փունջ մը արտասանութիւն եւ երգ։ Յետոյ իւրաքանչիւր աշակերտ միացաւ իր հօրը, եւ սկսան զուարճալի խաղերը, ապա՝ karaoke-ն։ Բոլորը յաղթեցին…։ Ձեռնարկի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ իր հօրը նուիրեց մոխրաման մը, որուն մէջ գրուած էր. «Սիրելի՛ պապա, հաճիս, երբեք մի՛ ծխեր»։ Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ ժամը 10։45-ին։ Բոլորը դպրոցէն բաժնուեցան ուրախ սրտով ու բարձր տրամադրութեամբ։