ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ

Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց հայրերուն հետ։ Անոնք ուրախ ու ճոխ մթնոլորտի մէջ ապրեցան անմոռանալի պահեր։ Իրենց պատրաստած գեղարուեստական բաժինը ներկայացնելէ ետք, աշակերտները միացան իրենց հայրերուն եւ խաղացին, երգեցին ու պարեցին։ Ձեռնարկի աւարտին, իւրաքանչիւր աշակերտ իր հօրը նուիրեց ձեռային աշխատանք մը։ Բարի հայրերու տօն բոլորին։