Հայրենի ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Գէորգ Պօղոսեան այցելեց Ճեմարան եւ հանդիպեցաւ Ժ. դասարանի աշակերտներու հետ:
Տեղի ունեցաւ զրոյց մը, զոր վարեց դպրոցի ընկերային ծառայողը: Մարզիկը ըսաւ, որ որեւէ գործի մէջ ամէնէն կարեւորը կարգապահութիւնն է, միայն տաղանդը չի բաւեր, նախ՝ կարգապահութիւն եւ յարատեւ աշխատանք տաղանդին հետ զուգահեռ: Ան աւելցուց, որ խմիչքը եւ ծխելը կը վնասեն մարզիկին կեանքին ու արգելք կը հանդիսանան անոր յառաջդիմութեան:
Աշակերտները արտայայտուեցան, որ իրենց դասերուն պատճառով չեն կրնար հետեւիլ իրենց սիրած մարզաձեւերուն:
Բաւական արտայայտուելէ ետք, անոնք հասան այն եզրակացութեան, որ պէտք է հաւատան իրենց տաղանդին ու մեծ աշխատանք թափեն, նոյնիսկ երբ դաս կայ, որովհետեւ յարատեւ աշխատանքով, շատ փորձով կրնան հասնիլ իրենց նպատակին: