ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2015-ին ժողովրդային տարբեր գործիքներ նուագող հայրենի երիտասարդ երաժիշտներ, որոնք Լիբանան կը գտնուին մասնակցելու Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին տալիք ելոյթին, այցելեցին Ճեմարան: Ծանօթանալէ ետք դպրոցի զանազան բաժիններուն, անոնք վերջին պահուն «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, աշակերտներուն ներկայացուցին իրենց գործիքները եւ նուագեցին շարք մը հայկական աշուղական եւ ժողովրդային երաժշտութիւն: