ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ԱՂԱՍԻ ԵՒ ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԹԱԼԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2019-ին Ճեմարան այցելեցին հայրենի արուեստագէտներ Աղասի եւ Արտաւազդ Թալալեանները: Անոնք հանդիպում ունեցան Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի եւ վարչական պատասխանատու Դաւիթ Գազանճեանի հետ, ապա ուղղուեցան դէպի բակ, ուր երկրորդական բաժինի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին հայրենի արուեստագէտները: Աշակերտները յայտնեցին իրենց սէրն ու կարօտը Հայաստանի հանդէպ: Նոյն զգացումներով, զիրենք դիմաւորեցին Դ. Դասարանի աշակերտները, որոնք խանդավառութեամբ պատմեցին իրենց յաճախակի այցելութիւններուն մասին դէպի հայրենիք: Արուեստագէտները հպարտ զգացին, որ սփիւռքի մէջ ստեղծուած է փոքր Հայաստան մը, ուր կան հայ աշակերտներ, որոնք լաւ ուսման կողքին նախանձախնդիր են իրենց ինքնութեան պահպանման:

Ծիծաղով, յուզումով, հպարտութեամբ, հաւատքով եւ միասնակամ ոգիով արուեստագէտները բաժնուեցան Ճեմարանէն: