ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ. եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի, Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանակաբաշխութիւնն ու գիրքի շնորհահանդէսը: Հանդիսութեան ներկայ էին, տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ, մեծ թիւով աշակերտներ եւ գիրքի բարեկամներ: Ճեմարանի աշակերտները արժանացան հետեւեալ մրցանակներուն. Եօթներորդ դասարանի աշակերտներ՝ առաջին Ութերորդ դասարանի աշակերտներ՝ առաջին Տասներորդ դասարանի աշակերտներ՝ երկրորդ։ Մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: