Հայոց պատմութեան դասապահուն Ը. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Տիգրան Մեծ եւ Պոմպէոս» պատմական դրուագը։
Աշակերտները նախ ամփոփ խօսեցան Ք. ա. 66 թուականի Հայաստանի քաղաքական վիճակին եւ այդ ընթացքին տեղի ունեցած անձնական եւ պատմական միջադէպերու մասին։ Իրենց ներկայացման մէջ աշակերտներրը շեշտեցին հզօր տիրակալին այդ օրերու մտածումները, անհանգստութիւնը, որդւոյն՝ Տիգրան Կրտսերի դաւաճանական քայլը եւ վերջապէս հայրենիքի օգտին կատարած հաշտութիւնը եւ բանակցութիւնը Պոմպէոսի հետ։
Ճիշդ ըսուած խօսք է ֆրասացի արեւելագէտի բնութագրումը. «…Տիգրանն իր ժողովուրդի ապրելու իրաւունքը ապահովեց յաւերժութեան համար»։
