ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 101 ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԵՒ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2016-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտները Հայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակը նշեցին զանազան ձեռնարկներով։ Տարրական բաժինի աշակերտները մոմեր վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին դպրոցի մուտքին՝ նահատակ մտաւորականներուն բարձրաքանդակներուն առջեւ։

ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ, ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկը՝ մասնակցութեամբ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն։ Ձեռնարկը վարեցին ԺԱ. դասարանէն Նարօտ Սերուժեան եւ Քրիստ Բրուտեան՝ յայտագրին ընթացքին հայ գրագէտներու ոգեշունչ խօսքեր արտասանելով:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վարկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը:

Բացման խօսքը ընթերցեց ԺԱ. դասարանէն Յակոբ Թաշճեան: Ան ըսաւ. «Այսօր հայուն ֆիզիքական էութիւնը դարձեալ ենթարկուած է վտանգի՝ նոյն թուրքին կողմէ: Արցախի ապրիլեան վերջին բախումները յստակացուցին այս մէկը մեզի եւ ամբողջ աշխարհին: Ճիշդ է, ասոր կողքին, հայը տարիներու ընթացքին ցոյց տուաւ իր իսկական հզօրութիւնը, եւ թշնամին սկսաւ լաւ ճանչնալու իր սահմանները. սակայն որեւէ սայթաքում կրնայ վնասել համայն հայութեան. hետեւաբար հայը պէտք է ըլլայ միշտ զգօն: Հայ ժողովուրդին առջեւ կը բացուին նորանոր մարտահրաւէրներ…: Մենք՝ այսօրուան ուսանողներս, նուիրեալներ պիտի ըլլանք մեր պահանջներու հետապնդման: Պիտի կատարենք մեր պարտականութիւնը պատմութեան հանդէպ, յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան: Հայ ժողովուրդը արդարութիւն կը պահանջէ մինչեւ հարցի դրական լուծումը: Այս պահանջը մեր մէջ վերածուած է հաւատքի եւ պիտի իրականանայ մեր հայրենի հողերուն վերադարձով»:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որմէ ետք Զ. Դասարանէն Արամ Հանտեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կանք, կը մնանք»ը: Ապա ԺԱ. դասարանէն Արին Թաշեան, Արզնի Արսլանեան, Կրէյս Մարտիրոսեան եւ Կայա Գարամինասեան պարեցին «Եղեռնի պար»ը՝ Կարէն Մակինեանի եւ Ժագլին Սարխօշեանի բեմադրութեամբ: Այնուհետեւ դարձեալ տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որմէ ետք ԺԱ. դասարանէն Նարեկ Ճեմճեմեան ասմունքեց Գ. Էմինի «Մենք»ը:

Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ երեք երգերով. Թ. դասարանի աշակերտները երգեցին «Աղբերս ու ես»    ՝ նուագակցութեամբ Նարեկ Մեսրոպեանի (կիթառ) եւ Կարօ Գրիգորեանի (դաշնակ), իսկ ԺԱ. դասարանի աշակերտները երգեցին «Տուն իմ հայրենի» եւ «Պիտ պաշտպանեմ»:

Ձեռնարկի աւարտին Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան իր պատգամը փոխանցեց աշակերտներուն: Ան բարձր գնահատեց առանց ուսուցիչներու միջամտութեան աշակերտներուն կազմակերպած ոգեկոչման ձեռնարկը եւ ըսաւ. «Ձեր այս ոգիին ուժգնութեան գոյութեամբ, մենք պէտք չունինք մտահոգուելու մեր ժողովուրդին ապագայով»: Ան շարունակեց ըսելով. «Անցեալ տարուան, 100 ամեակի լոզունգին՝ յիշել եւ պահանջել, աւելցուցի՝ յիշեցնել, որովհետեւ պահանջը խօսք կը մնայ միայն եթէ աշխատանք չկատարուի: Աշխարհը այնպէս է, որ ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն պարզապէս ընդհանուր խօսքեր են, մեծ պետութիւններու կողմէ կրկնուող խօսքեր, որոնք սակայն չեն յարգուիր իրենց իսկ կողմէ: Բոլորը շահի համապատասխան դիրքորոշումներ կ’ունենան: Որպէսզի այդ շահը ունենանք, ուժի պէտք ունինք: Ի՞նչ է մեր շահը. մեր երկիրը, հայրենիքը, անոր հողը, ջուրը, մեր լեռնաշխարհի հարստութիւնները, մշակոյթը, լեզուն, որոնք պաշտպանութեան պէտք ունին, եւ անիկա միայն ուժով կ’ըլլայ: Միայն զինուորական ուժ չէ, մտքի ու ոգիի ուժը նոյնքան կարեւոր են: Ամսուան սկիզբը բոլորդ  տեսաք, թէ ի՛նչպէս հայերը յաղթեցին Ազրպէյճանին, զոր եթէ Հայաստանի հետ համեմատենք, ան շատ աւելի հարուստ երկիր է եւ ունի նոր ու արդիական զէնքեր: Ինչո՞ւ մենք յաղթեցինք: Որովհետեւ ունէինք ուրիշ ուժ մը: Հայ զինուորը կը կռուէր հաւատքով, բարձր ոգիով, հայրենասիրական ուժեղ զգացումով: Այդ ոգին է, որ յաղթեց: Արցախի հարցէն ետք, դիմադրութիւնը օրէնք է: Ինչ որ մերն է, արեան գնով կը պահպանենք: Օր մը մնացածն ալ մերը պիտի ըլլայ, թերեւս մենք չենք տեսներ, բայց դուք անպայման կը տեսնէք: Սիմոն Վրացեան 50 տարի առաջ ըսած էր մեզի, որ Հայաստանի անկախութիւնը ինք թերեւս չտեսնէ, բայց մենք կը տեսնենք: Եւ մենք տեսանք: Միացեալ Հայաստանի ստեղծումի ճամբուն վրայ կարեւոր քայլ մը եղաւ Արցախի ազատագրումը. մնացեալն ալ կ’ըլլայ՝ եթէ ոգին բարձր ըլլայ»: Տնօրէնը իր խօսքը աւարտեց յորդորելով աշակերտները գիտութեամբ հարստանալ, որպէսզի կարենան վճռական կեցուածքով կատարել իրենց պարտականութիւնը:

Ձեռնարկէն ետք, Ժամը 9-ին, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները քայլարշաւով գացին Անթիլիասի մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում՝ Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց։