ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԵՐԱԶԱՆՑ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու` պետական քննութիւններուն եւ հայագիտական նիւթերու մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Այս առիթով պարգեւատրուեցան Ճեմարանի հետեւեալ շրջանաւարտները Գարտաշեան Լէթիսիա, Խիւտավերտեան Կալի, Մելքոնեան Սելին, Արծրունի Թեւան, Լոզոյեան Արին եւ Պոյաճեան Սեւանա: Կը շնորհաւորենք զիրենք եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք: