Այս տարի, Ե. դասարանի աշակերտներս ծանօթացանք մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի աշխարհագրութեան:
Մեր հայրենիքը ժամանակին շատ ընդարձակ եղած է: Դարեր շարունակ մեր նախահայրերը հոն ապրած են. անոնք զարգացուցած ու շէնցուցած են այդ հողը եւ հոն ստեղծած են պետականութիւն: Մեր հայրենիքը՝ Հայկական լեռնաշխարհէն մինչեւ Միջերկրականեան Հայաստան (Կիլիկիա), անգամ օտարները շարունակեր են Հայաստան անուանել նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ հայ ժողովուրդը զրկուած եղած է անկախ պետականութենէ…
Ծանօթանալէ ետք մեր հայրենիքի օրհներգին, զինանշանին եւ Հայ դրօշի խորհուրդին, ամբողջ կիսամեակ մը մենք միասնաբար ուսումնասիրեցինք մեր հայրենիքի լեռները, գետերը, լիճերը եւ միասնաբար երգեցինք մեր գեղեցիկ հայրենիքին մասին երգեր ու լսեցինք տարբեր աւանդազրոյցներ մեր հայրենի բնութեան մասին:
Աշխարհագրութեան մեր վերջին դասին մենք ներկայացուցինք այն հայկական քաղաքը, ուրկէ տեղահանուած էին մեր նախահայրերը 1915-ի ցեղասպանութեան պատճառով, ինչպէս՝ Սիս, Այնթապ, Չորք Մարզպան, Ատանա, Մուսա Լեռ, Սասուն, Խարբերդ, Ուրֆա, Ատիաման, Ակշահիր, Կիւրին, Եօզկաթ, Կեսարիա…
Այսօր մենք հաստատ գիտենք, որ մեր նախահայրերուն արիւնով շաղախուած այդ երկիրը միշտ ալ մեր հայրենիքն է, այս կացութիւնը անբնական է ու ժամանակաւոր, եւ զայն վերակազմելու պարտականութիւնը մեր բոլորիսն է: