Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2023-ին, միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները հիւրընկալեցին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը, որպէսզի իրենց խօսի հայկական բարբառներու մասին ընդհանրապէս, յատկապէս կեդրոնանալով Մուսա լերան եւ Արցախի բարբառներուն վրայ։
Զաքար Քէշիշեան անդրադարձաւ բարբառներու կարեւորութեան, ճիւղաւորումներուն, Այնճարի մէջ խօսուող բարբառներու տարբերակներուն, որոնք կապ ունին Մուսա լերան տարբեր գիւղերէ եկած հայերուն խօսակցութեան հետ։ Նշեց, որ ներկայիս արեւմտահայերուն բարբառներէն տակաւին կը գոյատեւեն Մուսա լերանն ու Քեսապինը։ Աշակերտները մեծ հետաքրութեամբ հետեւեցան անոր բացատրութիւններուն, լսեցին Այնճարի եւ Արցախի բարբառով բանաստեղծութիւն մը եւ երգ մը: Այս հանդիպում-զրոյցի աւարտին նաեւ հրաւիրուած էր Ճեմարանի հայոց պատմութեան ուսուցչուհի Ամալիա Մարտիկեանը, որ Գիւմրիի բարբառով պատմեց սրամիտ կատակներ եւ աշակերտներուն մօտ ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ մը:
